Գոհութի՜ւն Քեզի, ո՜վ Տէր, մեր Աստուածը, որ Քու ողորմութեամբդ մեզ արթնցուցիր մեր գիշերային հանգիստէն:
Մեր միտքերը եւս արթնցուր, Տէ՜ր Աստուած, որպէսզի Քեզի դառնալով՝ արդարութիւն գործենք, եւ մեր աչքերը տեսնեն Քու փրկութիւնդ:
Թող աստուածութիւնդ գայ եւ մեր մէջ բնակի, եւ ողորմութիւնդ հովանի եւ պահապան ըլլայ Քեզի ծառայողներուն վրայ:
Անոնց հետ՝ մեզ Քու ծառաներդ եւս արժանի ըրէ, որ գիշեր-ցերեկ եւ ամէն ժամ՝ Քու պատուիրաններուդ սիրովը բռնուած՝ միշտ անոնց մասին խորհինք, եւ գոհութեամբ փառաւորենք Քեզ՝ Հայրը, Որդին եւ Սուրբ Հոգին. այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից: Ամէն: